2016-07-30 08:19:00

Երեւան. Լարուած վիճակ` Խորենացի Փողոցին եւ Սարի թաղ շրջանին մէջ


29 յուլիսի երեկոյեան լարուած վիճակ տիրեց Երեւանի Սարի թաղ կոչուող շրջանին մէջ: Նախ փոքր բախում եղաւ, այնուհետեւ ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ արգիլուած է հոն հաւաք կատարելը: Երեւանի ոստիկանապետ Աշոտ Կարապետեան հաւաքի կազմակերպիչներէն Արմէն Մարտիրոսեանը յորդորեց անօրինական հաւաքը տեղափոխելու այլ վայր մը: Տեսնելով, որ Արմէն Մարտիրոսեան չի համոզուիր, փոխոստիկանապետ Լեւոն Երանոսեան միացաւ զրոյցին եւ հաւաքուածներուն հրամայեց հեռանալ: Ըստ ոստիկանութեան, այդ հատուածին մէջ մնալը ապահով չէ քաղաքացիներուն համար:

Միեւնոյն ատեն լարուած վիճակ կը տիրէր նաեւ Խորենացի փողոցին մէջ. ոստիկանները նախ յառաջացան` ճամբան պարպելով քաղաքացիներէն եւ զանոնք զանգուածաբար բերման ենթարկելով:

Սարի թաղին մէջ լարուած վիճակին ընթացքին ոստիկանութեան կողմէ գործածուած նռնակներուն եւ այլ յատուկ միջոցներուն պատճառով տուժած է նաեւ երկու ամսուան երեխայ մը, որ շուտով իր մօրը հետ տեղափոխուած է հիւանդանոց: Նռնակներէն մէկը ինկած է բնակելի տուներու վրայ, այդ պատճառով ալ այդ դէպքը արձանագրուած է:

Ոստիկանութեան լրատուական վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան Դիմատետրի իր էջին վրայ այս մասին գրած էր, որ երբ հաւաքին մասնակիցներէն անջատուած խումբը փորձած է Սարի թաղի տարածքով մօտենալ անվտանգութեան գօտիին եւ ճեղքել ոստիկանական պատնէշը, պարեկապահակային ծառայութեան տարածքին մէջ գտնուող զինուած անձերը տարբեր ուղղութեամբ կրակ բացած են: Այդ պահուն ոստիկան մը վիրաւորուած է:

Խորենացի փողոցին եւ Սարի թաղին մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած են աւելի քան 40 անձեր, որոնք հիւանդանոց փոխադրուած են:

Գրեթէ նոյն ատեն ոստիկանութեան լրատուական վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած էր, որ կան անձեր, որոնք անհեթեթ տեղեկութիւններ կը տարածեն այն մասին, որ իբրեւ թէ արտերկրէն արձակազէններ կանչուած են: Ան կոչ ուղղած էր նման մանկամիտ յայտարարութիւններով չգրգռելու մարդիկը եւ չշիկացնել մթնոլորտը: Նշենք, որ Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան նոյն օրը յայտարարած է, որ իբրեւ թէ ռուս արձակազէններ բերուած են` «Սասնայ ծռեր»-ը չէզոքացնելու համար:

Տուժեցին Նաեւ Լրագրողներ

Ոստիկանութեան գործողութիւններուն պատճառով, բացի քաղաքացիներէն, տուժեցին նաեւ լրագրողներ, որոնք ենթարկուեցան բռնութեան, ոմանց տեսախցիկները վնասուեցան:

Աշոտ Ահարոնեան այս մասին յայտնած է, որ պարեկապահակային ծառայութեան անվտանգութեան գօտին ճեղքել փորձող անձերուն դէմ ոստիկանութիւնը յատուկ միջոցներ կիրարկած է: Տեղի ունեցած է բախում, որուն իբրեւ հետեւանք, ցաւօք, տուժած են նաեւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: Ան հաստատած է, որ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն կապուած բոլոր միջադէպերը անյապաղ քննութեան պիտի ենթարկուին, պիտի ճշդուին հանգամանքները եւ համապատասխան տեղեկութիւն պիտի փոխանցուի:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը եւս ահազանգած է այս մասին` կոչ ուղղելով քրէական հետապնդում կատարելու, մանրամասն հետաքննութիւն կատարելու եւ բացայայտելու մեղաւորները:

Քաղուած Ազդակէն








All the contents on this site are copyrighted ©.